2014-04-11 13:34:50

''Մարդկային կեանքը նուիրական ու անձեռնմխելի է ըսաւ`'Ֆրանչիսկոս Պապը ընդունելով ''Կեանքի ի նպաստ'' իտալական շարժումի անդամները։


Ուրբաթ, 11 ապրիլի առաւօտեան, Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը ընդունելով ''Կեանքի ի նպաստ'' իտալական շարժումի անդամները, զանոնք քաջալերեց` յարատեւել իրենց գործունէութեան մէջ, պաշտպանելով մարդկային կեանքը սաղմէն սկսեալ։ ''Մարդկային կեանքը նուիրական ու անձեռնմխելի է'', ըսաւ Ֆարնչիսկոս Պապը, հաստատելով թէ ''ամէն քաղաքացիական իրաւունք կը հիմնուի առաջին եւ հիմնական իրաւունքի վրայ որ է կեանքը''։
Նորին Սրբութիւնը անդրադարձաւ ապա ''ոճրագործ տնտեսութեան'' մասին, որ կը մեկուսացնէ անհատները ու զանոնք կը դարձնէ որպէս պարզ իրեր։ Մեր ժամանակշրջանի ամենէն լուրջ վտանգներէն մին տնտեսութեան եւ բարոյականութեան միջեւ խզումն է – ըսաւ Քահանայապետը շեշտելով թէ ''Անհրաժեշտ է վերահաստատել վճռակամ ընդդիմութիւն մը կեանքի դէմ իրագործուած որեւէ յարձակումին ու յատկապէս անպաշպան կեանքի դէմ։
Ֆրանչիսկոս Պապը վերարծարծեց ապա Վատիկանեան Տիեզերական Բ Ժողովի խօսքերը` ''Կեանքը, անգամ մը որ յղացուած է, պէտք է պահպանուի խնամքով։ Վիժումը եւ մանկասպանութիւնը անօրէն ոճիրներ են''։
''Քրիստոնեային կ՛իյնայ Աւետարանի սոյն վկայութիւնը տալ` քաջութեամբ եւ սիրով պահպանել կեանքը, անոր բոլոր հանգրուաններուն մէջ'', հաստատեց Սրբազան Քահանայապետը ու քաջալերեց ներկաները այս ուղղութեամբ աշխատելու։
Ան ապա բոլորը յանձնեց Աստուածամօր հովանիին ու անոնց տուաւ իր առաքելական օրհնութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.